2012-12-15 12:16:53

Կարտինալ Սանտրիի Հովուական Այցելութիւնը Իրաքի Քրիստոնեաներուն`


Պաղտատի Ասորիներու աթոռանիստ եկեղեցւոյ Օծում։

Հինգշաբթի 13 դեկտեմբերին` Արեւելեան Ժողովի կառավարիչը, կարդինալ Լէօնարտօ Սանտրին, մեկնեցաւ Իրագ չորս օրուայ հովուական այցելութեամբ։
Ուրբաթ 14 դեկտեմբերին ծիրանաւորը նախագահեց Ասորի կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ վերաբացման արարողութիւն, ներկայութեամբ Ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք գերերջանիկ Իգնատիոս Եուսէֆ Եունանին։
Կառոյցը երկու տարիէ ի վեր փակ էր ''Ալքայիտայի'' արիւնալի մահափորձէն ետք, որուն հետեւանքով 58 հաւատացեալներ սպաննուած էին որոնց շարքին նաեւ երկու քահանանաեր։

Իր արտասանած յուզումնալից խօսքին մէջ կարդինալ Սանդրին ըսաւ ''մեր աղօթքը բարձրացնենք առ Աստուած որպէսզի այս վայրին մէջ ինկած արցունքները դառնան կենսատու սերմեր` բարեբեր քրիստոնեայ հասարակութեան համար ու պտղաբեր` երկրի բոլոր բնակիչներուն համար։'' Կարդինալը հուսկ ընդգծեց քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքին մէջ։

Շաբաթ 15 դեկտեմբերին, Արեւելեան Ժողովի կառավարիչը վերօծեց Ասորիներու Աթոռանիստ եկեղեցին, որ` ինչպէս նշեցինք, 30 հոկտեմբեր 2010-ին,''Ալքայիտայի'' ահաբեկիչները, մահափորձի ենթարկած էինեկեղեցի ներխուժելովու արեւանգելով Ս. Զոհին մասնակցող 130 հաւատացեալներ։ Ոստիկանութեան միջամտութեան հետեւանքով ոճրագործներ 58 հոգիներ սպաննեցին ու աւելի քան 70 հոգիներ վիրաւորուած մնացին։ Ոստիկանութիւնը ձերբակալեց երեք յանցաւորներ, որոնք 2012-ին սկիզբը մահուան դատապարտուեցան ։ Եկեղեցին ներեց անոնց եւ Իշխանութենէն խնդրեց չկիրարկել մահապատիժը։

Եկեղեցւոյ օծման պատարագին ընթացքին կարդինալ Սանտրին իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց Ասորիներու պատրիարք` գերերջանիկ Եուսէֆ Եունանին, քահանայական դասին ու հաւատացեալներուն յայտնելով իր ուրախութիւն իրենց մէջ գտնուելուն ու հաղորդելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հոգատարութիւնը Իրաքի քրիստոնեաներուն նկատմամբ ու շնորհելով անոնց իր առաքելական օրհնութիւնը։
Յայտնենք որ եկեղեցւոյ օծման առթիւ Սրբազան Քահանայապետը Պաղտատի առաջնորդին նուիրեց պատարագի սկիհ մը` որ կը խորհրդանշէ - ըսաւ կարդինալ Սանտրին - Քահանայապետին սէրը, նուիրագործումի եւ ուրախութեան սկիհ, որպէսզի ամէնուրէք արձագանգէ Յիսուսի ս. Ծննդեան երգը` Փառք Աստուծոյ երկինքի բարձունքներուն մէջ, եւ երկրի վրայ խաղաղութիւն մարդոց` իր սիրելիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.